![]()
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը և Արամ Ա կաթողիկոսը հեռախոսազրույց են ունեցել։ Այս մասին տեղեկանում ենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ֆեյսբուքյան էջից։
«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութեանց թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ՛ հայ համայնքին:
Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց ընդհանուր տեղեկութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին կրած վնասներուն շուրջ: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան նկատմամբ:
Վարչապետը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետին հետ անհրաժեշտ է որ խորհրդակցութիւնները շարունակուին, որպէսզի Հայաստանի կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնները ըլլան օգտաշատ»,- ասված է գրառման մեջ:
![]()