![]()
Երէկ եւ այսօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կապ մը հաստատեցին իրարու հետ «քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած:
Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով:
Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ՝ աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքն ու ազգը հեռու պահէ ամէն տեսակ փորձանքէ:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Վարչապետին տարած հետեւողական աշխատանքը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ…
Posted by His Holiness Aram I on Wednesday, March 18, 2020
![]()