«Այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ․..». Արամ Ա կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է․

«Պարտադրուած համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մերժումը բնական է ու արդար։

Սակայն, այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ՝ հեռու մնալով մեր ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ։

Աշխարհը պէտք է իմանայ, թէ բոլոր պայմաններուն մէջ Արցախը մե՛րն է ու մե՛րը պիտի մնայ այսօ՛ր ու յաւիտեան»։

Loading

Մի մոռացեք կիսվել Ձեր ընկերների հետ